2009/04/23

ԷՍԱԵԱ՜Ն

Էսաեանի առատաձեռն անմահ կերտիչներ
Սեմիդ կը կանգնին շարան շարան սերունդներ.
Անվհատ եւ համբերատար ուսուցիչներ
Եկէ՛ք տեսէ՛ք , օծուեցան տիպար արժանիքներ.
Աւելի քան հազարումէկ նշանակալից դէմքեր
Նշխարներով են հաղորդուեր:

Էսաեա՜ն սիրոյ ու յարգանքի լաւագոյն տուն.
Էսաեա՜ն լուսաւէտ հորիզոններու լուսաշող ապարանք
Էսաեա՜ն աննման իշխաններու փառաւոր յաղթանակ.
Էսաեա՜ն բարոյական ու մտաւոր բարձրագոյն վարժարան:

Էսաեանի ուսման պաշար ջամբուած օճախէն եկա՛նք:
Էսաեանի հարազատներուն բի՜ւր յարգանք.
Էսաեանի անձնուէր ուսուցիչներուն բի՜ւր երախտիք:

0 comment: